Ինչպե՞ս մոռանալ

Հինգշաբթի, 19 Փետրուարին, Վարդանանց ոգեղէն տօնակատարութիւնը շքեղութեամբ եւ խոր ապրումով տեղի ունեցաւ, Նախակրթարանի մեր սիրելի աշակերտներու մասնակցութեամբ։

«Ինչպէս մոռնալ» խորագիրը կրող այս յուզիչ հանդիսութիւնը դարձաւ ոչ միայն գեղարուեստական ներկայացում, այլեւ ուխտ, խոստում եւ հաւատքի վերահաստատում։ Մեր աշակերտները թատրոնի, երգի, պարի եւ ներշնչող խօսքերու միջոցով բարձրացուցին իրենց ձայները՝ համայն աշխարհին պատգամելու, թէ որքան ալ փորձեն մեր սրտերէն խլել մեր լեզուն, մեր հաւատքը եւ մեր սուրբ կրօնքը, մենք ամուր կառչած պիտի մնանք մեր արմատներուն։ Արարատը միայն քարտէսի վրայ գծուած լեռ մը չէ․ անիկա մեր հոգիին մէջ դրոշմուած սրբազան ներկայութիւն մըն է։ Անոր լանջերը կրնան ուրիշի տիրապետութեան տակ ըլլալ, բայց անոր անունը, խորհուրդը եւ յիշողութիւնը ո՛չ ոք կրնայ խլել հայու սրտէն։

Այնպէս ալ՝ Վարդանանց ճակատամարտը։ Սուրբ Վարդան Մամիկոնեան ինկաւ Աւարայրի դաշտին վրայ, սակայն հայ ժողովուրդը չինկաւ իր հաւատքէն։ Մարմինները պարտուեցան, բայց հաւատքը, երբ խորունկ արմատ ունի, յաղթական կը շարունակէ ապրիլ մինչեւ յաւիտեան։

Այս տօնակատարութիւնը եւս մէկ անգամ փաստեց, թէ մեր սերունդները կը գիտակցին իրենց պատմութեան ու ինքնութեան եւ հպարտութեամբ կը կրեն իրենց ազգային ու հոգեւոր ժառանգութիւնը։ «Ինչպէս մոռնալ»ը դարձաւ հզօր յանձնառութիւն.մենք չենք մոռնար, չենք ուրանար եւ միշտ հաւատարիմ կը մնանք մեր ազգային պատկանելիութեան։