À l’occasion de la Fête des enseignants, les élèves du secondaire du Collège Saint Hripsimiantz ont préparé une petite surprise pour exprimer leur gratitude envers leurs professeurs.
Au nom des élèves, Alexia Berberian, de la classe de Terminale, a prononcé quelques mots pour remercier les enseignants pour leur engagement et leur dévouement. Elle a souligné que le métier d’enseignant demande beaucoup d’investissement et a exprimé la reconnaissance des élèves pour tout ce qu’ils leur apportent au quotidien.
Elle a également rappelé que les enseignants les inspirent et laissent une empreinte durable dans leur vie.
Ուսուցիչներու տօնին առիթով, Սուրբ Հռիփսիմեանց վարժարանի երկրորդականի աշակերտները փոքրիկ անակնկալ մը պատրաստեցին՝ իրենց երախտագիտութիւնը արտայայտելու իրենց ուսուցիչներուն։
Աշակերտներուն անունով, աւարտական դասարանի աշակերտուհի Ալեքսիա Պէրպէրեան քանի մը խօսք արտասանեց՝ շնորհակալութիւն յայտնելու ուսուցիչներուն իրենց նուիրուածութեան եւ անձնուէր ծառայութեան համար։ Ան շեշտեց, որ ուսուցչութիւնը մեծ նուիրում կը պահանջէ եւ արտայայտեց աշակերտներուն երախտագիտութիւնը այն ամէնուն համար, որ ուսուցիչները ամէն օր կը փոխանցեն իրենց։
Ան նաեւ յիշեցուց, որ ուսուցիչները ներշնչում կու տան եւ մնայուն հետք կը ձգեն իրենց կեանքին մէջ։

