Հայաստանի երկրորդ անկախութեան առիթով, երկրորդական բաժնի եւ իններորդ դասարաններու աշակերտները միասին ունեցան կլոր սեղան մը համալսարանի դասախօս եւ Հայ Դատի Միջին Արեւելքի գրասենեակի պատասխանատու դոկտ. Վերա Եագուպեանի հետ։
Դոկտ. Եագուպեան ներկայացուց Հայաստանի առաջին անկախութիւնը, անոր կարեւորութիւնը, մասնաւորաբար անդրադառնալով թէ անիկա ինչպէս հիմք հանդիսացաւ վերանկախացման։
Կլոր սեղանին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւնները։ Աշակերտները անդրադարձան Հայաստանի անկախութեան ընդհանուր նշանակութեան, ինչպէս նաեւ ներկայ իրավիճակին՝ յատկապէս հայ–ազրպէյճանական ներկայ յարաբերութիւններուն։
Table ronde sur l’indépendance de l’Arménie

