Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարանի Աշակերտները` Աստուածամօր նուիրուած Հանդէս մը ներկայացուցին:
Մայիս ամիսը՝ որ նուիրուած է Սուրբ Կոյս Մարիամին, այս տարի ալ առիթ դարձաւ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններու աշակերտներուն համար՝ ներկայանալու յատուկ միջոցարումով՝ իրենց քրիստոնէականի դասի ընթացքին։
Ներկայացումը պատրաստուած էր վարժարանիս հոգեւոր վարիչ` Հայր Արամ վրդ. Աբրահամեանի կողմէ:
Աշակերտները անդրադարձան Սուրբ Կոյս Մարիամի հետեւեալ հինգ նիւթերու շուրջ:
1. Մարիամ՝ տարբեր կրօնքներու եւ Եկեղեցիներու մէջ
2. Մարիամի հետ կապուած վարդապետութիւնները (Dogma)
3. Մարիամի խօսքերը` Սուրբ Գիրքին մէջ
4. Մարիամի յայտնութիւնները
5. Մարեմական տաղերն ու շարականները
Ներկայացումը ցոյց տուաւ աշակերտներուս հոգեւոր հասունութիւնը եւ անոնց սէրը՝ Մարիամ Աստուածածնայ հանդէպ։ Անոնք խորիմաստ կերպով ներկայացուցին Սուրբ Կոյսի դիրքն ու կարեւորութիւնը՝ քրիստոնէական հաւատքի եւ աւանդութեան մէջ։
Այս առթիւ ներկայ էին վարժարանիս տնօրէնուհի՝ Տիկին Ժանին Մանանեան, փոխ-տնօրէնուհի՝ Տիկին Լարա Զարիֆէն, երկրորդական բաժնի պատասխանատու՝ Պարոն Համբի Էլմաճեան, ինչպէս նաեւ Անարատ Յղութեան առաքինազարդ քոյրերը՝ Քոյր Պերնատէթը, Քոյր Մարիեթը եւ Քոյր Տալիտան։ Անոնք գնահատեցին աշակերտներու ներկայացուցած աշխատանքը ու հոգեւոր շունչը:
Այս արժէքաւոր առիթը ոչ միայն հարստացուց աշակերտներուն կրօնական գիտելիքները, այլեւ խորացուց անոնց կապը՝ Աստուածածնայ հանդէպ `այս սուրբ ամսուան ընթացքին։
