ENSEMBLE, FAISONS GRANDIR LE CSH

Les 1er et 2 septembre, la rentrée scolaire s’est préparée dans un esprit de partage, de réflexion et d’engagement collectif.

Ces deux journées ont réuni notre équipe éducative autour de différents temps forts :assemblée réunissant l’ensemble des professeurs, réunions par cycles, formation, échanges et préparation des projets et priorités de l’année.

Nous avons également eu la joie de commencer cette nouvelle étape par la Sainte Messe célébrée par Monseigneur Krikor Patichah, un moment de recueillement et de communion pour placer cette nouvelle année sous le signe de l’espérance et de l’engagement.

Deux journées pour se retrouver, réfléchir, se former et construire ensemble, avec une même volonté : continuer à faire grandir notre Collège et à préparer son avenir.

🌿 Ensemble, faisons grandir le CSH.

ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ՝ ՄԵԾՑՆԵՆՔ ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ

Սեպտեմբեր 1-ին եւ 2-ին, դպրոցական նոր տարեշրջանի մեկնարկին, հաւաքուեցանք բաժնեկցումի, խորհրդածութեան եւ հաւաքական յանձնառութեան ոգիով։

Այս երկու օրերուն ընթացքին մեր կրթական անձնակազմը համախմբուեցաւ կարեւոր հանդիպումներու եւ նախաձեռնութիւններու շուրջ՝ ընդհանուր ժողովի, դասարանային փուլերու ժողովներու, վերապատրաստման եւ մտքերու փոխանակման միջոցաւ։ Միաժամանակ, նախապատրաստուեցան նոր տարեշրջանի ծրագիրներն ու առաջնահերթութիւնները։

Ուրախութիւնը ունեցանք նաեւ նոր հանգրուանը սկսելու Սուրբ Պատարագով, զոր մատուցեց Գերապայծառ Գրիգոր Պատիշահը։ Աղօթքի եւ խոկումի այս պահը առիթ ընծայեց նոր տարեշրջանը դիմաւորելու յոյսով, հաւատքով եւ նորոգուած յանձնառութեամբ։

Այս երկու օրերը առիթ եղան հանդիպելու, խորհրդածելու, վերապատրաստուելու եւ միասին ծրագրելու՝ մէկ ու միեւնոյն կամքով շարունակելու եւ կերտելու մեր վարժարանի տեսլականը։

Միասնաբար զարգացնենք Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարանը։