ՎԱՐԴԱՐԱՆԻ ԱՂՕԹՔ ԵՒ ԹԱՓՕՐ՝

ՎԱՐԴԱՐԱՆԻ ԱՂՕԹՔ ԵՒ ԹԱՓՕՐ՝ ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ
30 Մայիս 2025-ին, Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանէն ներս` խորհրդաւոր հոգեւոր մթնոլորտ մը կը թեւածէր` Սուրբ Կոյս Մարիամի Ամսուայ վերջին օրուան առթիւ։
Արդ` Վարժարանի ամբողջ անձնակազմի մասնակցութեամբ` շքեղ թափօր մը կազմակերպուեցաւ։
Աղօթքը սկսաւ դպրոցի մատուռէն, զոր առաջնորդեց վարժարանիս հոգեւոր վարիչը,  մասնակցութեամբ` Վարժարանի բոլոր աշակերտութեան, ուսուցիչներուն, տնօրէնութեան եւ « Անարատ Յղութեան » միաբանութեան  քոյրերուն։ 
Այնուհետեւ` ծաղիկներով զարդարուած աշակերտներն ու ուսուցիչները` աղօթքներով եւ օրհներգերով մասնակցեցան  թափօրին, որ շրջեցաւ վարժարանի բակին  մէջ՝ ի պատիւ Սուրբ Կոյս Մարիամի։
Հաւաքական աղօթքներու յուզիչ պահը` ոգեշնչեց ներկաները եւ վերամիաւորեց վարժարանի հոգեւոր ընտանիքը՝ յուշելով Մարիամ Աստուածածնի պաշտամունքի կարեւորութիւնը մեր կրթական կեանքին մէջ։
Մեր խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք սոյն հոգեպարար ջերմեռանդութեան մասնակցեցան եւ օգնեցին հոգեւոր օրուան իրականացման։

«Սուրբ Կոյս Մարիամ, աղօթէ մեզի համար եւ պահէ մեզ քու մայրական հովանիիդ ներքեւ»: