Une journée mémorable de partage au Collège ! Après la prière de Sr Mariette Tatiossian, l’ouverture par notre Directrice Mme Jeanine Mananian, et les témoignages inspirants de M. Garo Marashlian et du Père Aram Abrahamyan, place à l’action.
Pendant deux heures, élèves, enseignants, parents et alumni ont uni leurs voix lors d’un World Café. Ensemble, ils ont brainstormé sur les 10 axes stratégiques qui façonneront notre avenir.
La séance s’est clôturée par un nuage de mots vibrant, scellant la valeur phare qui nous guidera jusqu’en 2027.
Դէպի մեր 105-ամեակը․ մէկ նպատակ, որ կը միացնէ մեզ։ ✨
Վարժարանին մէջ նշուեցաւ փոխանակման եւ միասնական աշխատանքի յիշարժան օր մը։ Քոյր Մարիէթ Թադէիոսեանի աղօթքէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց մեր տնօրէնուհին՝ տիկ. Ժանին Մանանեանը, որուն յաջորդեցին Պրն. Կարօ Մարաշլեանի եւ Հայր Արամ Աբրահամեանի ներշնչող վկայութիւնները։ Ապա՝ գործի անցանք։
Երկու ժամուան ընթացքին, աշակերտներ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ նախկին շրջանաւարտներ իրենց ձայները միացուցին «World Café»-ի շրջանակին մէջ։ Միասին փոխանակեցին մտքեր եւ մշակեցին գաղափարներ այն տասը ռազմավարական առանցքներուն շուրջ, որոնք պիտի կերտեն մեր ապագան։
Նիստը եզրափակուեցաւ կենդանի ու ներշնչող «բառերու ամպ»-ով, որ ամփոփեց այն առանցքային արժէքը, որ պիտի առաջնորդէ մեզ մինչեւ 2027 թուականը։
En Route Vers Nos 105 Ans

