Journée Saint Maloyan

Au cœur de la foi : L’équipe pastorale de notre collège a organisé une Journée Saint Maloyan, dédiée au sens profond du martyre et de la spiritualité.

Cette journée a débuté par l’accueil de Monseigneur Machdots Zahterian, Vicaire patriarcal et supérieur du monastère de Bzommar. Il a présidé la messe en présence de toute notre communauté éducative et administrative, offrant un moment fort de recueillement et de partage.

La célébration s’est poursuivie au théâtre avec un programme riche et varié : documentaires, diction, chant, danse, musique et théâtre, permettant à nos élèves de célébrer concrètement la vie et le message de notre Saint protecteur

Մեր Վարժարանին հոգեւոր յանձնախումբը կազմակերպած էր «Ս. Մալոյեանի Օրը», նուիրուած Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի նահատակութեան խորիմաստ արժէքին եւ անոր հոգեւոր ժառանգութեան։

Օրը սկսաւ Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր՝ Գերապայծառ Հ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեանին ընդունելութեամբ։ Գերապայծառ Հայրը նախագահեց Սուրբ Պատարագին՝ վարժարանի կրթական եւ վարչական համայնքի ներկայութեամբ եւ բոլորին պարգեւեց հաւատքի ու խորհրդածութեան ազդեցիկ պահ մը։

Ցերեկոյթը շարունակուեցաւ վարժարանին թատերասրահին մէջ՝ հարուստ ու բազմազան մշակութային ծրագիրով, որ կը ներառէր վաւերագրական տեսերիզներ, արտասանութիւն, երգ, պար, երաժշտութիւն եւ թատերական ներկայացում։ Այս բոլորը մեր աշակերտներուն հնարաւորութիւն տուին գոհունակութեամբ հաղորդակից դառնալու Քրիստոնէական հաւատքի այս հերոսին կեանքին եւ պատգամին։