La grande communauté du CSH s’est rassemblée d’un même cœur pour célébrer la fête de sainte Hripsimé le mardi 2 juin.
La Divine Liturgie a été célébrée en la présence de Sa Béatitude le Patriarche Raphaël Bedros XXI Minassian. Pour cette grande occasion, il était entouré des membres du clergé, de nos Sœurs de l’Immaculée Conception, de personnalités du monde politique, de nos chers élèves ainsi que de nos fidèles anciens élèves. La présence de nombreux parents venus s’unir à nos prières a donné une dimension profondément solennelle et vibrante à ce rassemblement familial.
Sainte patronne de notre collège, sainte Hripsimé n’est pas seulement une figure du passé. Elle est, pour notre institution et notre jeunesse, une source d’inspiration d’une brûlante actualité !
À une époque où il faut du courage pour tracer son chemin, elle se dresse comme un véritable modèle d’audace pour la jeune génération. Elle montre à nos élèves qu’avoir des convictions, défendre la vérité et rester fidèle à ses valeurs est la plus belle des forces.
Cette célébration a été un moment idéal pour fortifier nos liens et confier nos éducateurs, nos familles et surtout nos jeunes à sa bienveillante protection.
Que l’élan et l’énergie de cette magnifique journée continuent de faire battre le cœur de notre maison !
Bonne fête de sainte Hripsimé à tous !
Սուրբ Հռիփսիմէի տօնը
Սուրբ Հռիփսիմէի տօնը նշելու առիթով, Երեքշաբթի, 2 Յունիսին, Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի մեծ ընտանիքը մէկ սրտով եւ մէկ հոգիով համախմբուեցաւ։
Սուրբ Պատարագը մատուցուեցաւ Նորին Երանութիւն Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանի ներկայութեամբ։ Այս հանդիսաւոր առիթին, ան շրջապատուած էր հոգեւոր դասի անդամներով, Անարատ Յղութեան միաբանութեան քոյրերով, պաշտօնական հիւրերով եւ քաղաքական անձնաւորութիւններով, մեր սիրելի աշակերտներով, ինչպէս նաեւ մեր հաւատարիմ շրջանաւարտներով։ Բազմաթիւ ծնողներու ներկայութիւնը այս ընտանեկան հաւաքին շնորհեց խորապէս հանդիսաւոր եւ յուզիչ մթնոլորտ։
Մեր վարժարանի հովանաւոր սուրբը՝ Սուրբ Հռիփսիմէն, միայն անցեալի դէմք մը չէ. ան մեր հաստատութեան եւ երիտասարդութեան համար ներշնչման անսպառ աղբիւր մըն է, որ այսօր եւս կը փայլի իր այժմէականութեամբ։
Այս օրերուն, երբ քաջութիւն եւ հաստատամտութիւն կը պահանջուին սեփական ուղին կերտելու համար, ան կը կանգնի որպէս համարձակութեան եւ հաւատարմութեան իսկական օրինակ՝ երիտասարդ սերունդին համար։ Ան մեր աշակերտներուն կը սորվեցնէ, թէ սկզբունքներ ունենալը, ճշմարտութիւնը պաշտպանելը եւ սեփական արժէքներուն հաւատարիմ մնալը մարդուն ամէնէն գեղեցիկ եւ ամուր ուժն է։
Այս տօնակատարութիւնը գեղեցիկ առիթ մը եղաւ ամրապնդելու մեր կապերը եւ Սուրբ Հռիփսիմէի բարի հովանիին յանձնելու մեր դաստիարակները, մեր ընտանիքները եւ մանաւանդ մեր երիտասարդները։
Թող այս հիասքանչ օրուան խանդավառութիւնն ու կենսունակութիւնը շարունակեն զարկ տալ մեր վարժարանի սրտին եւ ոգեշնչել մեր համայնքը։
Շնորհաւոր Սուրբ Հռիփսիմէի տօնը՝ բոլորիս։

